2015-11-06 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Տխուր երեւոյթ է տեսնել դրամի կապուած քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եպիսկոպոսներն ու քահանաները թող յաղթահարեն ''կրկնակի կեանքի'' փորձութիւնը, Եկեղեցին կանչուած է ծառայելու եւ ոչ թէ ''գործարար'' ըլլալու'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, ուրբաթ 6 նոյեմբերի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթերէն մին։ Քահանայապետը զգուշացուց այն անձերէն որոնք ''կաշկանդուած են դրամին'' եւ որոնք չարութիւն կը հասցնեն եկեղեցւոյ։

Ծառայել. Այս է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Պօղոս առաքեալ ինքզինք նուիրեց ծառայութեան, ու այդ մէկը զինք առաջնորդեց մինչեւ Հռոմ` ուր դատապարտուեցաւ։ ''Անոր մեծութիւնը կը բխի Յիսուսի Քրիստոսէն` որուն հպարտանքով կը ծառայեր Պօղոսը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ակնարկեց ժամանակակից առաքեալներուն` Քահանայ, կրօնաւոր կամ կրօնաւորուհիներ  որոնք տարիներ ամբողջ կը ծառայեն իրենց երկրէն ու իրենց սիրելիներէն հեռու` ափրիկեան ցամաքամասին մէջ, իրենց նուիրումով ու զոհողութեամբ։ Սակայն, դիտել տուաւ  Սրբազան Հայրը, Եկեղեցւոյ մէջ եւս գոյութիւն ունին անձինք որոնք փոխանակ ուրիշներուն մտածելու ու անոնց ծառայելու կը շահագործեն Եկեղեցին։ Քանի քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ այսպիսի իրավիճակի մէջ են, յայտնեց Քահանայապետը հաստատելով թէ Աւետարանի արմատականութիւնը եւ Յիսուս Քրիստոսի կոչումը կ՛իրականանայ ծառայութեան մէջ, անձի ուրացումով եւ ոչ թէ կարգավիճակի մը ձգտումով ու այդ կարգավիճակը ապրելով անպարկեշտութեամբ, այնպէս ինչպէս կ՛ընէին Փարիսեցիները որոնց մասին կը խօսի Յիսուս։

''Երբ եկեղեցին կը դառնայ գաղջ, փակ ինքնիր մէջ, եւ յաճախ ''գործարար'', այդ չի կրնար նկատուիլ ծառայութեան ի սպաս եկեղեցի մը այլ ուրիշները օգտագործող Եկեղեցի'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզին աւարտին ու ապա հայցեց Տիրոջմէն շնորհքը զոր պարգեւած էր Պօղոսին, յառաջ ընդանալու ծառայութեան մէջ, հրաժարելով հանգստաւէտութենէն ու կրկնակի կեանքի փորձութիւնէն` ''երեւնալ որպէս ծառայ սակայն իրականութեան մէջ ուրիշները  օգտագործել''։








All the contents on this site are copyrighted ©.